2012-09-20 14:42:23

Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչ` Կարդինալ Սանտրիի Գնահատումով Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ Անհետացումի Վտանգը Իսկական Իրադրութիւն Մըն է։


Միջին արեւելքի շրջանի եկեղեցւոյ անհետացումը իսկական վտանք մըն է յայտարարած է Կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին <> վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթին հետ ունեցած հարացազրոյցի մը ընթացքին, Սրբազան Հօր Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետք։
Այս վտանգը - նշած է արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը - չի վերաբերիր միայն կաթողիկեներուն այլ նաեւ օրթոտոքս եկեղեցւոյ>>։
Քրիստոնէութիւնը պէտք է դիմադիմէ իսլամութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան հետ - դիտել տուաւ Կարդինալ Սանտրին - աւելցնելով որ իսկական իսլամութիւնը սակայն միշտ հատկանշուած է միւսներու հանդէպ յարգանքի եւ հանդրժողութեան ցուցաբերումով։
Նորոգելով իր մաղթանքը միջին արեւլքի առօրեայի մէջ եկեղեցւոյ դրական եւ գործոն ներկայութեան, կարդինալ Սանտրին ընգծեց թէ <<այս տարածաշրջանի պատմութիւնը իսկ անհասկնաելի կը դառնայ եթէ ժխտուի Կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը։>> Ապա անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետի հետ ապրած, լիբանանու առաքելական ճամբորդութեան փորձառութեան մասին, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին յայտարարեց թէ Սրբազան Քահանայապետը հրապուրող մըն է եւ իր Լիբանան ներկայութեամբ հրապուրած էր բոլորը հաւատքի եւ առաքինութիուններու մէջ, սիրոյ եւ յոյսի ճամբով ընդանալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.